ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալուեցան «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետուհի Նատին Փիլիկօղլու եւ փոխ-ատենապետուհի Գարին Շէշէթեան։ Թարգմանչաց տօնին յաջորդած հայ մշակոյթի շաբթուան ձեռնարկներու շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս հանդիպումը։ Փիլիկօղլու եւ Շէշէթեան աշակերտներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայկական ճարտարապետութեան շուրջ՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով քաղաքէս ներս Պալեան գերդաստանի թողած հետքերուն վրայ։ Տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ ձեռնարկէն վերջ յուշանուէրներ յանձնած է հիւրերուն։
Հարկ է նշել, որ թէեւ Թարգմանչաց տօնը, ըստ էութեան, Հայ գիրերու գիւտին վերաբերեալ առաջնահերթութիւն մը ունի, սակայն, այս ձեռնարկի պարագային վարժարանէն ուղարկուած լուսանկարները կը ցոլացնեն, թէ աշակերտներուն մատուցուած տեսանիւթերը չեն եղած հայատառ, անշուշտ, տակաւին առանց խօսելու հաւաքոյթի լեզուի մասին։
Բաց աստի, Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ արուեստագիտուհի Ճուլիա Մութլու, որ ծանօթ է հայկական ազգագրական տարազներու վրայ տարած աշխատանքով։