ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի ընտանիքի վարիչները, որոնք փութացած էին որդիաբար ցաւակցութիւն յայտնել նորոգ հանգուցեալ տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի կորուստին առթիւ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա, Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, փոխ-տնօրէնուհի Լիզա Թեմելճի, որոնց հետ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ահենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։ Հիւրերը բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ անոր անձին մէջ նաեւ սգաւոր ընտանիքին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Օրթագիւղի ընտանիքի վարիչներուն կողմէ ցուցաբերուած զգայնութիւնը։ Հուսկ, ան փոխանցեց օրհնութիւններն ու թաղի գործունէութեան յարատեւ յաջողութեան համար բարեմաղթանքներ։