Չորեքշաբթի 22, Հոկտեմբեր 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ֆէրիգիւղցիները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։ Թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուին դպրոցի կարիքներուն շուրջ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան թաղային խորհուրդի գործունէութեան թարմ նորութիւններու լոյսին տակ։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վստահութիւն յայտնեց, թէ դժուարութիւնները կը յաղթահարուին միասնականութեամբ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025