Երկուշաբթի 23, Փետրուար 2026
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐ
Էսաեան վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբթուան մէջ մասնակցեցան՝ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական խրախճանքի մը։ Միջվարժարանային այս մարզական փառատօնը ձօնուած էր մեր յայտնի բարերարներէն Եթքին Պէրպէրօղլուի անունին՝ մինչ ան եղած էր նաեւ ծրագրի հովանաւորը։
Էսաեան վարժարանի խումբը վոլէյպոլի մէջ նուաճեց առաջնութիւն։ Այլ մարզաձեւերու մէջ ալ էսաեանցիները մաս կազմեցին դափնեկիրներու շարքին։ Այս յաջողութիւնները դպրոցէն ներս ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն։
Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026