ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄՐՑՈՅԹ
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուած STEM մրցոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս միջվարժարանային ձեռնարկը կարեւոր էր՝ քանի զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան առումով արդիական հիմնական ուսուցման մեթոտներէն մէկուն վրայ հիմնուած է։ Դատակազմի անդամները՝ Սերա Ասիկիկան, փրոֆ. Ըշըլ Սարը եւ Առէն Սեմէրճեան բծախնդրութեամբ արժեւորեցին աշակերտական խումբերու աշխատանքը։
Մրցոյթի դափնեկիրները հանդիսացան՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան եւ Եշիլգիւղի վարժարաններու խումբերը։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ մինչ հիւրընկալ Մայր վարժարանի տնօրէնուհին՝ Քլոտիա Տեմիր ուրախութիւն յայտնեց աշակերտական խումբերու մասնակցութեան համար։