ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը համակուած է տխրութեամբ։ Սա, բառին բուն իմաստով, համատարած տխրութիւն մըն է, քանի կարելի չէ անմիջապէս թօթափել ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի անժամանակ կորուստին պատճառած ցնցումը։ Թէ՛ որպէս Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ եւ թէ որպէս բարերար՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի պոլսահայ կեանքէն ներս ծաւալած անփոխարինելի գործունէութիւնը, մատուցած վիթխարի ծառայութիւնները եւ ապահոված ներդրումը, երաշխաւորած ձեռքբերումները արդէն լիուլի բաւարար են զինքը անմահներու շարքին դասելու համար։ Իսկ այդպիսիներուն հրաժեշտ տալը երբեք դիւրին չէ եղած։ Երախտագիտական զգացումներու խորութիւնն ու ցնցիչ իրականութեան դառնութիւնը բոլորը դէմ յանդիման կը թողուն հակասութեան։
Համայնքային շրջանակները պատրաստութեան մէջ են Տիգրան Կիւլմէզկիլի յուղարկաւորութեան համար։