Շաբաթ 25, Հոկտեմբեր 2025
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի անվտանգութեան տնօրէն Հիւսէյին Օղուզ Նամլըն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց նորոգ հանգուցեալ տիրահօր՝ Յակոբճան Մաշալեանի կորուստին առթիւ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Քենան Կիւրտալ, որ Ասորի համայնքի վաքըֆի գլուխը կը գտնուի։
Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակից եղան ու մաղթեցին, որ ցնցումը շուտով յաղթահարուի։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար ու մաղթեց, որ բոլորի ընտանիքներէն ներս տիրէ շէնութիւն, իսկ անվտանգութեան տնօրէնի անձին մէջ բոլոր աշխատակիցներուն յղեց կարողութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025