ԳԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Խոր ցաւով տեղեկացանք Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահուան լուրին։
Ինքը յիրաւի ամրակուռ սիւներէն մին էր մեր համայնքային կեանքին, որ գիտցած էր գործառնական փորձառութիւնները ի սպաս դնել յօգուտ վարչութեան։ Ան չէր բաւականացած միայն վարչական պաշտօն ստանձնելով՝ այլ անոր առընթեր միացուցած էր իր անձին մէջ յայտնեբերուած նուիրատու ոգին։ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը ինքնին խօսուն վկայութիւնն է իր նախանձախնդիր եւ պարկեշտութեամբ օծուն կեցուածքին, հանդէպ հաստատութեան եւ անոր առընթեր համայնքային կեանքին։
Ան ծնաւ համեստ պայմաններու մէջ կեանք վարող սեբաստահայ ընտանիքի յարկի մը ներքեւ։ Աշակերտեց Գարակէօզեան տան եւ Կեդրոնական վարժարանին եւ երիտասարդ տարիքին նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Զինքը ճանչցողներուն համար գաղտնիք մը չէ, թէ իր մէջ զարգացած երախտագիտութեան ջիղին ներգործութեամբ կեանքի բոլոր օրերուն միշտ յիշեց այն, ինչ որ ազգը ըրած էր իրեն համար։ Եւ այդ ջիղն էր, որ գործառնական կեանքին մէջ յաջողութիւններ եւ յառաջդիմութիւններ արձանագրած Տիգրան Կիւլմէզկիլը առաջնորդեց համայնքի կրօնական, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն ու մշակութային զանազան ծրագիրներուն, նաեւ իր ժողովուրդի կարօտեալ զաւակներուն առօրեայ կեանքին համեմիչ աղ դառնալու իր լիաբուռն նուիրատուութիւններով։
Իր վարչական փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ նաեւ մաս կազմելով Կալաթասարայ մարզական ակումբի վարչութեան, ինչ որ ընկալուած էր ուրախութեամբ եւ առիթ ընծայած՝ ողջունելու այս բնագաւառին մէջ պատուաբեր պաշտօնի մը հասած ազգային մը, որ նաեւ սիրուած ու յարգուած էր նաեւ այս շրջանակին մէջ։
Ցաւառիթ է առյաւէտ բաժնուիլ հօրենական ներկայութենէն։ Սակայն գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ ունինք հաւատքը անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքին, ինչ որ կու գայ հոգեւոր զօրութեամբ ամոքել մեր ցաւերը, բանալով դուռը մխիթարութեան։
Սիրելի Տիգրան, դուն այսօր հրաժեշտ կ՚առնես մեզմէ, որպէս պատուական հայր եւ քու ետիդ կը թողուս կեանք մը, որ ըստ մեզի արդիւնաւորուած է հայեցի առաքինութիւններով օծուն։ Սա պահուն կը յիշենք Պօղոս առաքեալի խօսքը. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքը։ Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր ինծի պիտի տայ Տէրը՝ արդար Դատաւորը, այն օրը, իբրեւ հատուցում. եւ ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ անոնց՝ որ սիրեցին անոր յայտնութիւնը» (Բ. Տիմոթէոս 4.7-8)։ Մենք կը վկայենք, թէ Սուրբ Գիրքէն բղխած այս պատգամը կեանքի կոչուած է քու առօրեայ ապրումներու ընթացքին։ Օրհնեալ ըլլայ թողած բարի յիշատակդ։ Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, հանգիստ շնորհէ երկնային օթեւաններուն մէջ եւ արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։
Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մեր մատուցած Սուրբ Պատարագին յիշեցինք զինքը եւ աղօթեցինք իր հոգւոյն խաղաղութեանը համար։ Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր դստեր, փեսին՝ Տէր եւ Տիկին Ալէն եւ Մելիսսա Պաղ ամոլին եւ իրենց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ համայն ընտանեկան անդամներուն, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն։
Հայրական սիրով, ցաւակցութեամբ եւ օրհնութեամբ,
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ