ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը, քաղաքիս մէջ ալ փոքրամասնական յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն միջեւ շփումները վերստին խտացած են՝ տօնական տրամադրութեան մէջ։ Պատրիարքական Աթոռը միշտ հետամուտ է հայ համայնքի դրական զգացումները լաւագոյնս արտայայտելու՝ որպէս երկրի ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութեան հոգեւոր կեդրոնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայ կաթողիկէ հոգեւոր առաջնորդին եւ ամբողջ համայնքին օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը յղեց Սուրբ Ծնունդի եւ Ամանորի առթիւ։
Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը Քաղդէացի կաթոլիկ եւ Ասորի կաթոլիկ համայնքներու պատրիարքական փոխանորդներուն ալ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ։