ԼԻՍԷԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնէն ներս յառաջիկայ կրթական շրջանին հերթի փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ տնօրէնի պարագային։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլուին պիտի յաջորդէ Ալին Եիւճէլ, որ վերջին տարիներուն նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը կը վարէր։

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ դպրոցի պարագային վերակազմակերպման շրջան մը սկսած է։ Սամաթիոյ ընտանիքը երախտագիտական զգացումներով կ՚արժեւորէ՝ որպէս տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլուի ներդրած ջանքերը։ Այժմ անհրաժեշտ նկատուած է թարմ աւիւն մը՝ մինչ մօտաւոր անցեալին հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնն ալ վստահուած էր Սէրտար Քասափճըլարին։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025