Չորեքշաբթի 8, Հոկտեմբեր 2025
ԳՐՔՈՅԿ ՄԸ ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս ու մեզի նուիրեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ անցեալ գարնան տեղի ունեցած արարողութիւններուն շուրջ պատրաստուած ալպոմ-գրքոյկը։ Թէ՛ պատմական տեղեկութիւններով եւ թէ յիշեալ արարողութիւններուն վերաբերեալ վառ դրուագներով գրքոյկ մըն է այս մէկը, որ հրատարակուած է երկլեզու։
Գրքոյկին մէջ տեղ գտած են նաեւ յիշեալ արարողութիւններուն շուրջ համայնքային մամլոյ արձագանգները։
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025