ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ կարեւոր աշխատաժողով մը, որ հետամուտ է թրքահայ մանկավարժական օրակարգի երեսակներու քննարկման։ 2025-2026 կրթական շրջանի մեկնարկի փուլին Օրթագիւղի ընտանիքը կը հիւրընկալէ այս աշխատաժողովը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Այս աշխատաժողովի ակադեմական ծրագրաւորման խորհրդականն է Լարա Էօզէր, որ եւս հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Այս աշխատաժողովը երկրորդն է իր նմաններու շարքին։ Կրթական մշակները կ՚ունենան փորձառութեան փոխանակումներ ու ձեւով մը իրենք զիրենք կը վերապատրաստեն՝ բաժնելով դրական օրինակներ։
Աշխատաժողովի յայտագիրը կ՚ընդգրկէ երկու հիմնական լիագումար նիստ՝ մին հայերէնով, իսկ միւսը թրքերէնով։
Համայնքային վարժարաններու կրթական մշակներն ու հրաւիրեալ մասնակիցները օրուան տեւողութեան շուրջ երեսուն աշխատանոցի ձեւաչափին մէջ խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն պոլսահայ դպրոցական համակարգի հարցերն ու լուծման հեռանկարները։
Քննարկումներու օրակարգը կ՚ընդգրկէ նաեւ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ չափումներ։