ՏԱՏԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը նախընթաց օր փայլուն երեկոյթով մը հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Դպրոցի 37 շրջանաւարտները յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ առին Տատեանէն, որ իրենց ուսումնառութեան առաջին փուլին հարազատ երդիք մը հանդիսացած էր իրենց համար։ Տատեանցիները ուսումնառութեան նոր փուլի մը ընդառաջ խանդավառութեամբ հրաժեշտ առին իրենց դպրոցէն՝ ուղղուելու համար դէպի նոր հորիզոններ։

Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ գործադրուեցաւ յայտագիրը՝ հանդիսավարութեամբ Լարա Էօլչէնի եւ Ատրիան Քուրանի։ Տղաքը ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ շնորհաւորութեան խօսքեր ուղղեցին անոնց։ Շրջանաւարտներուն տեսակէտէ առանձնապէս տպաւորիչ էր լսել իրենց տնօրէնուհին՝ Երանուհի Պալճըն, որ վերջին անգամ խօսք կ՚ուղղէր իրենց։ Ան ընդգծեց համայնքային վարժարաններու ցանցի առաքելութեան անփոխարինելի բնոյթը եւ շեշտեց կրթական մշակներուն կողմէ նոր սերունդի պատրաստութեան համար գործադրուած ջանքերուն բարձր նշանակութիւնը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ, դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը։ Երեկոյթի ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակի հատման փուլին։ Տղաքը այս առթիւ վերջին անգամ շրջապատեցին իրենց տնօրէնուհին՝ Երանուհի Պալճըն, որ այնքան նուիրումով աշխատած էր իրենց յաջողութեան համար։ 

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025