«ՎԵՐԱԳՏՆԵԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ»

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան հաւաքին, որ կազմակերպուած էր՝ «Քրիստոնեաներու միութիւն. վերագտնել ճանապարհը» կարգախօսով։ Այս միջազգային ֆորումի ծրագիրը կ՚ընդգրկէր առանձին լիագումար նիստ մը, որ կոչուած էր՝ «Համարձակիլ խաղաղութեան. միջազգային հաւաք խաղաղութեան համար»։

Միջկրօնական երկխօսութիւնը խթանելու եւ քրիստոնէական համերաշխութեան ոգիով խաղաղութեան մշակոյթին նպաստելու առաջադրութեամբ կազմակերպուած այս նիստը վարեց մոնս. Մարքօ Նէաւ։ Գլխաւոր բանախօսն էր Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ եւ համայն Ափրիկէի պատրիարքը՝ Թէոդորոս Բ.։ Միւս ատենախօսներու շարքին էին քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

«Auditorium Parco della Musica» համալիրի «Teatro Studio» սրահի երդիքին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ քրիստոնէական միութեան արմատը, ըստ էութեան, կը վերաբերի ճանապարհը գտնելու։ Արդարեւ, ամենասկիզբին քրիստոնէութիւնը հաւատացեալներու այն համայնքն էր, որ կը հետեւէր Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն, ծառայութեան ու ներումին։ «Ճանապարհը կեանքի ձեւ մըն էր՝ ո՛չ միայն հաւատքի խոստովանութիւն։ Ժամանակի ընթացքին եկեղեցիները շեղեցան այս ուղղութենէն, երբ ճիշդ հաւատքը գերադասուեցաւ ճիշդ կեանքէն։ Այս շեղումը խորացաւ, երբ Նիկիոյ ժողովէն սկսեալ հաւատքը եւ իշխանութիւնը խառնուեցան իրարու՝ կեանքի խաղաղ ու սիրառատ ոգին փոխարինելով քաղաքական բաժանումներով ու բռնութիւններով», ըսաւ ան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հռոմի ժողովի ժամանակ բացատրեց, որ 20-րդ դարուն էքիւմենիք շարժման շնորհիւ նոր հորիզոն մը բացուեցաւ։ Այստեղ միութիւնը կը փնտռուի՝ եղբայրութեան ու խաղաղութեան ոգիին մէջ։ «Այս կերպով քրիստոնէութիւնը դարձեալ կը փնտռէ իր իսկական ճանապարհը՝ Մեսիայի սիրոյ եւ ծառայութեան ուղին», եզրափակեց ան։

Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան ֆորումը աւարտեցաւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կոչով՝ ի խնդիր միասնաբար նոյն ճամբուն մէջ ընթանալու եւ քրիստոնէական միութիւնն ու մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025