ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՈՒԽՏԸ ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻԻՈՎ ՄԸ՝ ՔՈՅՐ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԹԷՐԶԵԱՆ
Երէկ, Գալֆաեան ուխտը համալրուեցաւ նոր անդամուհիիով մը. յանձինն՝ քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեանի։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր քօղի տուչութեան արարողութիւնը։ Առաջաւորաց պահքի օրուան զուգադիպեցան արարողութիւնները, որոնց ընթացքին դպրուհի Սօսի Թէրզեան վերանուանուեցաւ՝ որպէս քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեան եւ մաս կազմեց Գալֆաեան ուխտի միաբանութեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան պատգամին մէջ խօսեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս քոյրերու եւ մանաւանդ՝ Գալֆաեան ուխտի քոյրերու դերակատարութեան եւ ձեւաւորած աւանդութեան մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց ընծայեալը եւ անոր միանձնուհիի քօղը յանձնեց իրեն։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորընծայ քոյրը եւ անոր բարի ու արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթեց։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ատենապետ Մասիս Գույումճուի կողմէ գլխաւորուած Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սարքեց սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին ներկայ հաւատացեալները առիթն ունեցան շնորհաւորելու նորընծայ քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեանը։
