ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Սամաթիոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ 2025-2026 շրջանի առաջի սիրոյ սեղանը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն ու թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ հերթական հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եռուզեռը նկատելի էր Սամաթիոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան պատգամին համար բնաբան ընտրած էր Մատթէոսի Աւետարանի հետեւեալ մէջբերումը. «Կ՚ուղարկեմ ձեզ գայլերուն մէջ իբրեւ ոչխարներ: Եղէք օձերու պէս խորագէտ, աղաւնիներու պէս մաքուր»։ Ան բացատրեց մարդ արարածի բնութիւնը եւ ծանրացաւ Տէր Յիսուսի տուած օրինակներուն՝ օձին եւ աղաւնիին, խորագէտին ու մաքուրին վրայ: Այսպէս, Քրիստոսն ալ խաչին վրայ խորագէտ եղաւ ու յաղթեց սատանային, մաքուր ու անմեղ եղաւ՝ մինչեւ իսկ ներեց զինք խաչողներուն: «Խաչը Աստուծոյ փրկութիւնն է ու սէրը: Մենք ալ պէտք է ըլլանք խորագէտ եւ մաքուր», մատնանշեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ի ժամ արարողութեան դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց եկեղեցւոյ սպասաւոր եօթ երիտասարդի՝ Լեւոն Չաքմաք, Իսա Տեմիրճի, Աշոտ Մատթէոսեան, Արթին Արըք, Առէն Արըք, Տարէն Քազարեան եւ Արտա Սոլմազ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճարէն դուրս։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որ բնորոշուեցաւ ստեղծուած բարձր տրամադրութեամբ։ Բացօթեայ աշխարհիկ հանդիսութիւնը հովանաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Սամաթիոյ ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան ողջոյնի խօսքին մէջ տեղեկութիւններ տուաւ պիւտճէի բացին եւ վարժարանի կարիքներուն շուրջ։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը խանդավառեց մթնոլորտը, իսկ դպրոցի աշակերտները արժանացան ծափահարութիւններու։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։

Հարկ է նշել, որ հանգանակութեան արդիւնքը բաւական հեռու մնացած է՝ թաղային խորհուրդին կողմէ հրապարակուած պիւտճէի բացի հաւասարակշռման առումով լաւատեսութիւն ստեղծելու սահմանէն։ Յամենայնդէպս, հանգանականութեան արդիւնքին վերաբերեալ կատարուած հրապարակումն ալ վերջնական չէ եղած։ Արդարեւ, վերջին տարիներուն պիւտճէի բացերու պարագային համայնքի ծանրութիւնը շալկած կարգ մը վաքըֆներ իրենց նուիրատուութիւններուն համար տեղեկացուցած են նուազագոյն եւ առաւելագոյն շեմեր՝ հաշուի առնելով ապագայ քանի մը օրինական տնօրինութեան հեռանկարը, ինչ որ իրենց կամքէն անկախ է։ Հանգանակութեան արդիւնքը հրապարակուած է այդ առաւելագոյն շեմը հաշուի առնելով։ Ուստի, տեսականօրէն չի բացառուիր նուիրատուութիւններու գումարը յայտարարուածէն ալ որոշ չափով պակաս ըլլայ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025