ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս մասնակցութիւն բերին BAUMUN՚25 հաւաքին, որ կազմակերպուած էր «Պահչէշէհիր» համալսարանի հիւրընկալմամբ։ Դպրեվանքցիները ութ հոգինոց խումբով մը մասնակցեցան այս ծրագրին, որու եռօրեայ աշխատանքին ընդգրկուած էր 700 աշակերտ։ ՄԱԿ-ի ձեւաչափին եւ ընթացակարգերուն նմանութեամբ նախատեսուած եւ վերջին շրջանին արդէն բաւական ընդհանրացած այս կարծիքի փոխանակումներու հարթակին վրայ դափնեկիրներու շարքին դասուեցան դպրոցէն երկու աշակերտներ՝ Գարուն Ճըրըլ եւ Ալին Սու Եամաչի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025