ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն ձօնուած խանդավառ համերգ մը։ Համայնքի կարգ մը մանկապատանեկան խումբերը հանդէս եկան այս համերգին ժամանակ, որ խանդավառ նախատօնակի մը վերածուեցաւ Ամանորի ընդառաջ։

Յայտագրի տեւողութեան իրերայաջորդ հանդէս եկան՝ Լուսաւորիչ մանկապատանեկան երգչախումբը (խմբավար Շանթ Էսմէր), Գարակէօզեան տան երգչախումբը (խմբավար Արի Հերկել) եւ Քառասուն Մանկանց մանկապատանեկան երգչախումբը (խմբավար Սէրճան Կազէրօղլու)։ Ծրագրին մէջ բաժին ստանձնած էին նաեւ Էսաեան վարժարանի սաները՝ հայերէն ելոյթներով։

Երեկոյթի հանդիսավարներն էին՝ Արիս Եիւզպաշեան եւ Ալմիրա Քարաահմէտ։ Բոլոր խումբերը ունէին նաեւ նուագակիցներ։ Եզրափակիչ փուլին երեկոյթի մասնակից բոլոր խումբերը միասնաբար երգեցին՝ Ս. Ծնունդի բնորոշ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար» աւանդական երգը։

Գնահատանքի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որու առընթեր ձեռնարկին հետեւեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

Հուսկ, Կաղանդ պապուկը նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն, որոնք համակուած էին տօնական ցնծութեամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025