Երկուշաբթի 29, Դեկտեմբեր 2025
ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔ
Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան մասնակցեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած Ամանորի խրախճանքին։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան եւ զանազան հայաբնակ շրջաններու քաղաքապետարաններու աջակցութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը։ Ատենապետ տքթ. Էրոլ Արա Չընարի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին հետ այս ծրագրին համար համագործակցած էր Արեւ Ճէպէճի, որ քաղաքապետարաններու հետ աշխատանքը համակարգած էր յաջողութեամբ։
Բոլոր մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց, գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր, հուսկ, բարեմաղթանքներ փոխանակուեցան Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առթիւ։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025