ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏ ԱԹԱՔԱՆ ԱԹԱՍՈՅ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Երէկ, Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ այցելեց Էսաեան վարժարան՝ ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի կրթական տնօրէն Ճեւաթ Տերվիշօղլուի։ Հիւրերը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի, որու կողքին ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն անդամներ, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներն ու կրթական մշակները եւ Պէյօղլուի ընտանիքէն այլ դէմքեր։ 

Աթաքան Աթասոյ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ աշակերտներուն նկատմամբ։ Ան մասնակցեցաւ նաեւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մակարդակով կազմակերպուած՝ դրօշակի սիրոյ վերաբերեալ ձեռնարկին։ 

Դպրոցէն ներս գաւառապետ Աթասոյ նշեց, որ երկրի իւրաքանչիւր զաւակը պէտք է ինքզինքը զգայ անվտանգ եւ արժէքաւոր։ Համապատասխան կրթութեան միջավայրի մը ստեղծուիլը առաջնահերթութիւն է։ Իսկ դրօշակի նկատմամբ սէրը մանուկներու սրտին մէջ հայրենիքի գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացում կը յառաջացնէ։ Սա ապագան ամուր հիմքերու վրայ կառուցելու ամենաարժէքաւոր քայլն է։ 

Էսաեան վարժարան այցելելու զուգահեռ՝ գաւառապետը այցելեց նաեւ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ Այս փուլին զինքը ողջունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 3, 2026