ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին: Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ այս գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող փոքրամասնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընթրիքին մասնակցեցաւ՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի:

Գաւառապետ Աթասոյ եւ կողակիցը ջերմօրէն ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով, որ մասնակցութիւն բերած էր սոյն հաւաքոյթին: Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ Պէյօղլուի գաւառապետը հետամուտ է խրախուսել համակեցութիւնը եւ մանաւանդ, որ սա շօշափելի դրսեւորում կ՚ունենայ իսլամական աշխարհի ծոմապահութեան նուիրական շրջանին:

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026