Կիրակի 4, Մայիս 2025
ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի վարժարանի Զ. դասարանի սաները, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհի Ժանէթ Ներկիզ, ինչպէս նաեւ թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Աշակերտներուն այցելութիւնը կազմակերպուած էր, որպէսզի անոնք պատկերացում մը կազմեն իրենց հոգեւոր կեդրոնին մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեց տղոց նկատմամբ, որոնց յորդորեց Պատրիարքարանը նկատել իրենց սեփական տունը ու չվարանիլ այցելելէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անոնց նուիրեց նաեւ զանազան գիրքեր։
Աշակերտները շրջեցան նաեւ Պատրիարքարանի «Յովհաննէս Կոլոտ» թանգարանը՝ ուղեկցութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի։
Շաբաթ, Մայիս 3, 2025