ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՍԵՍԻԼ ԿԻՒՆՏԻՒԶ ԻՏԱԼԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Սեսիլ Կիւնտիւզ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ համալսարանական ուսումը շարունակելու ճանապարհին։ Ան իրաւունք շահած է բարձրագոյն կրթութիւնը Իտալիոյ մէջ շարունակելու՝ թէ՛ Թորինոյէն եւ թէ Ֆլորանսայէն երկու համալսարանի կողմէ ընդունման հրաւէր ստանալով։ Յառաջիկայ օրերուն ան պիտի ընէ իր վերջնական նախընտրութիւնը եւ յաջորդ տարի Իտալիա պիտի մեկնի՝ համալսարանական ուսումը ստանալու համար։
Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծած է Ս. Խաչ դպրեվանքէ ներս, ուր բոլորը Սեսիլ Կիւնտիւզի արձանագրած յաջողութեամբ տոգորուած են բարձր տրամադրութեամբ։
Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սեսիլ Կիւնտիւզը, որուն յաջողութիւն կը մաղթենք իր համալսարանական ուսման տարիներուն։