ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զնկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները Խաչվերացի տօնին ընդառաջ փութացին Պատրիարքարան՝ նկատի ունենալով, որ այդ օրը կը կատարուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը, գոհունակութիւն յայտնեց անոնց ներկայացուցած տեղեկութիւններուն համար եւ յղեց կարողութեան մաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025