«ՑՆԾԱ՛ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ»

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր Վարդավառի տօնին առթիւ։ «Ցնծա՛ հայ երաժշտութիւն» խորագրեալ համերգը համախմբեց հոծ թիւով կղզեբնակ երաժշտասէրներ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին կղզիի յունաց վանքի ամառնային ճամբարի մասնակից տղաքը՝ գլխաւորութեամբ իրենց հոգեւոր հովիւին։

Յայտագրի սկիզբին Ատիս Տողանայ եւ Նայեատ Քալայլը հանդէս եկան նուագներով, որոնց յաջորդեցին Նորա Իփեքճիի մեներգները։ Յունաց ճամբարի սաներն ալ ժողովրդական երգով մը միացան ծրագրին։

Հայր սուրբի հուսկ բանքէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ համերգի վառ տպաւորութիւններու ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025