«ԿՂԶԻՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆԱԾՆԵՐ»

Մեծ կղզիի մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ՝ «Իշխանաց կղզիները նկարահանածներ» խորագրեալ լուսանկարչութեան խրախճանք մը։ Կղզեաց թանգարանէն ներս կեանքի կոչուեցաւ ձեռնարկը, որու քիւրաթէօրն էր Ալպերթօ Մոտիանօ։

Երեք ամսուան աշխատանքի մը արդիւնքն էր այս խրախճանքը, որու ծիրէն ներս Գնալը կղզիի վերաբերեալ ներկայացուած դրուագները կը պատկանէին մեր համայնքի վարպետներէն Մկրտիչ Արծիւեանի ոսպնեակին։ Իր կողմէ այս ցուցահանդէսին համար տրամադրուած հատընտիրը իսկապէս շատ լաւ կը ցոլացնէր Գնալը կղզիի առօրեան, ընկերային կեանքն ու բազմամշակոյթ միջավայրը։

Փառատօնի ծիրէն ներս ներկայացուած էին նաեւ հետեւեալ լուսանկարիչներու գործերը. Քուպիլայ Քարսլը, Նիսօ Մաչորօ, Թանժու Աքլեման, Հաթիճէ Էզկի Էօզչելիք, Ատիլ Պալի, Օրպայ Սոյտան, Եալչըն Սավուրան, Թոլկա Սեզկին, Ռուպի Ասա, Սելիմ Սեւալ, Ռըզա Թորաք, Իզզեթ Քերիպար եւ Ալպելթօ Մոտիանօ։ Այս վերջիններուն միացած էին նաեւ İFSAK-ի 211-րդ շրջանի դասընթացքներու մասնակիցները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025