Երկուշաբթի 2, Յունիս 2025
ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Տատեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր կազմակերպուած երգի եւ պարի հանդիսութիւնը մեծ խանդավառութիւն առթեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին։ Արի Պարութօղլուի եւ Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարիչներ ալ հետեւեցան յայտագրին, որ գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լենա Վարդանեանի եւ Վերա Կելիրի։
Հանդիսութեան տեւողութեան տատեանցիները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Եզրափակիչ փուլին պատկառելի էր՝ ծրագրին մասնակից բազմատասնեակ աշակերտներու տողանցքը, մինչ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Հուսկ, ի նշանաւորումն արձանագրուած յաջողութեան՝ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։
Շաբաթ, Մայիս 31, 2025