ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ անմահ գրող Զապէլ Եսայեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Գրական այս ծրագիրը համախմբեց հոծ թիւով հիւրեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը եւ որոնց շարքին էին Եշիլգիւղի ընտանիքէն վարիչներ։

Ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Չաքարօղլուի ողջոյնի խօսքէն վերջ սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Հանդիսավարներն էին՝ Լիա Փաքէլ, Քրիս Արման եւ Քամի Զեքիեան։

Իր ամբողջին մէջ պատրաստուած ծրագիրը առիթ ընձեռեց, որպէսզի ներկաները Զապէլ Եսայեանի կեանքին, գործունէութեան եւ արտադրութեան մասին տարրական պատկերացում մը կազմեն։ Տղաքը իրենց բազմաբնոյթ ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւներու։ Ուսուցչական կազմէն Երազ Չաղլաեան, Թամար Եաշկիւչլիւքալ, Մարալ Չանքայա եւ Թանիա Հանչէր վերահսկած էին յայտագրին պատրաստութիւնը։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեանի հուսկ բանքով։

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025