Երկուշաբթի 2, Յունիս 2025
ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային հաւաքոյթ մը։ Պոլսահայ զանազան դպրոցներու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները համախմբուեցան՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի հիւրընկալմամբ։ Տղոց հետ զրուցեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որու կողքին էին Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Հայր սուրբը այս առթիւ պատանիներուն տեղեկութիւններ տուաւ հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Զրոյցը տղոց տեսակէտէ հետաքրքրական էր՝ քանի Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան ամենայն պատրաստակամութեամբ պատասխանեց նաեւ անոնց հարցումներուն։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ բոլորի վառ տպաւորութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։
Շաբաթ, Մայիս 31, 2025