ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Օրթագիւղի ընտանիքին տեսակէտէ երէկուան օրը նշանաւորուեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբի աշակերտներու ցուցահանդէսով։ «Մեր Իսթանպուլը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ լուսանկարչութեան ակումբի աշխատանքներուն մասնակից աշակերտներու կողմէ նկարահանուած դրուագները։ Ինն աշակերտի կողմէ 41 լուսանկար տեղ գտած էր այս ծրագրին մէջ։ Իր նմաններու շարքին արդէն ութերորդ այս ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա եւ անդամուհիներէն Անի Մալաթեալը։ Տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին եւ ուսուցչական կազմի անդամներն ալ արդար հպարտութեամբ հետեւեցան աշակերտներու ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արդիւնքին։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սուզան Ըշըք, որ լուսանկարչութեան ակումբի պատասխանատուն է։
Ցուցահանդէսի ժամանակ ներկայացուած էին հետեւեալ աշակերտներու լուսանկարները.
Արիա Հաճէրեան, Պելլա Աք, Ալիա Քիլճի, Առէն Թորունօղլու, Էմիր Տիւնյատեմիր, Ռոպին Քարապուլութ, Արտա Մելքոնեան, Արի Մասիս Մոմ եւ Էրտալ Լէօ Էօզտեմիր։