ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ, նախակրթարանէն սկսեալ՝ մինչեւ լիսէի աւարտական դասարան, հազարաւոր ժամեր հայերէն կը դասաւանդուի: Այսուհանդերձ, աշակերտներու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս չի կրնար ինքզինք բաւարար մակարդակով արտայայտել բերանացի կամ գրաւոր։ Անշուշտ, այս հարցը միայն դպրոցէն չի գար, այլեւ ծնողք եւ համայնքի հայերէնի հանդէպ ցուցաբերած ընդհանուր մօտեցումէն ալ կախում ունի։
Եթէ հարցը կրթութեան տեսանկիւնէն դիտենք, ապա մեր դպրոցներու հայերէնի աւանդական գործելակերպերը, որոնք հիմնականօրէն քերականութեան վրայ կեդրոնացած են՝ լեզուն հասկնալու համար օգտակար ըլլալով հանդերձ, հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ սահուն խօսելու կարողութիւնները զարգացնելու տեսակէտէ այլեւս բաւարար չեն։
Աշակերտները շարունակաբար հայերէն խօսելու ուղղութեամբ խրատելն ու յիշեցնելն ալ գործնական չեն: Եւ այսօր շատ անգամ «ինչո՞ւ» հարցումը տղոց կողմէ սովորական հակազդեցութեան մը վերածուած է։ Նոյնիսկ ծնողները տարբեր պատճառներով հիմնական կը նկատեն LGS եւ YKS քննութիւնները, իրենց զաւակները այլ դպրոցներ ուղարկելու հակումը ունին եւ այս մէկն ալ կը բացայայտէ հիմնական պատճառները։
Ոմանք կը կարծեն, թէ հայերէնի ուսումը կը խանգարէ այլ գիտելիքներու եւ միւս լեզուներու դասաւանդումը, մինչդեռ, շատ մը գիտական հետազօտութիւններ փաստած են, որ մասնաւորապէս նախակրթարանի շրջանին միաժամանակ մէկէ աւելի լեզուի ուսուցումը երեխայի ուղեղի զարգացման համար օգտակար է: Դպրոցներու մէջ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, գերմաներէնի դասաժամերը աշակերտներուն ընդհանրապէս աւելի հետաքրքրութիւն կը ներշնչեն՝ քան թէ մայրենի լեզուինը։ Մայրենիին հանդէպ այս մօտեցումը հարց մըն է եւ գիտական հետազօտութիւն կը պահանջէ։ Ինչպէս յայտնի է, կրթութեան հիմքը նախակրթարանէն սկսեալ կը դրուի։ Երեխային դաստիարակութեան առաջին տարիներուն ստացած փորձառութիւնը ապագայ ուսման հանդէպ վերաբերմունքը որոշելու տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Հայերէնի պարագային ալ վիճակը նոյնն է։
Ուրեմն, մեր բուն հարցը պէտք է ըլլայ հետեւեալը. դպրոցներու կողքին ինչե՞ր կարելի է ընել, որպէսզի իրավիճակը աւելի լաւ դառնայ։ Յայտնի իրականութիւն մըն է, որ տուներու մէջ հայերէնի օգտագործման նուազումը դպրոցներու աշխատանքը ա՛լ աւելի դժուարութեան մատնած է: Այդուհանդերձ, արդեօք կարելի՞ է մեթոտները աւելի արդիւնաւէտ դարձնել՝ քանի որ դպրոցներու կիրարկած այսքան բազմաժամանակ դասերով հանդերձ, հայերէնի մակարդակը բաւարար չ՚ըլլար:
Հաշուի պէտք է առնել, որ տնօրէն եւ ուսուցիչները կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ եւ անոնց ջանքերը գնահատելի են։ Մա՛նաւանդ վերջին տարիներուն, ուսուցիչներու կողմէ պատրաստուած են մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու ուղղեալ թուաբանութեան, գիտութեան օժանդակ հայերէն գիրքեր, խաղեր եւ տարբեր գործեր, որոնք կարեւոր ներդրումներ են այս ոլորտին մէջ։
Ուրիշ ինչե՞ր կարելի է ընել…
Նախ պէտք չէ մոռնանք, որ լեզուն միջոց մըն է։ Մասնաւորապէս Թուրքիոյ հայութեան համար կարեւոր միջոց մըն է՝ իր մշակոյթը շարունակելու համար։ Այս դիտանկիւնէն երիտասարդներու հայերէն խօսիլը կարեւոր է, բայց, նոյնքան կարեւոր է, որ ի՛նչ կը խօսին։ Խօսքին բովանդակութիւնը պէտք է միտք, գաղափար պարունակէ։ Եթէ ոչ, այն վերջնականապէս կը դադրի գործածուելէ։
Այս նպատակով աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը գրաւելու համար կարելի է իրենց կազմակերպելու առիթը տալ հայերէն տեսերիզներ, podcast կամ հարցազրոյցներ, պատրաստել կարճ բեմագրութիւններ, որոնք ուշագրաւ են անոնց համար։
Արդի կարեւոր ուսման մեթոտներէն կը նկատուի միջտիսիփլինային (միջգիտաճիւղային) գործունէութիւնները, որոնք տարբեր դասերու մէջ փոխլրացուցիչ դեր կը կատարեն։ Օրինակ՝ անգլերէնի կամ հոգեբանութեան, իմաստասիրութեան դասերուն մէջ ուսումնասիրուած նիւթը միաժամանակ կ՚արժեւորուի նաեւ հայերէնի դասին մէջ։ Այսպիսի կիրարկումներ կը նպաստեն աշակերտներու հետաքրքրութեան եւ լեզուական կարողութիւններու զարգացման։ Աշակերտները պէտք է մասնակցին խօսակցութեան, քննարկումներու, լսելու, դերակատարութեան նման գործունէութիւններու, որպէսզի լեզուի իրական փորձառութիւն մը ունենան։
Սա չի նշանակեր, որ այս կամ նման մեթոտները մեր դպրոցներուն մէջ մասամբ կամ ամբողջութեամբ չեն կատարուիր։ Պարզապէս, կը կարծեմ, թէ բոլոր դպրոցներուն մէջ համակարգուած, ամբողջական աշխատանքի անհրաժեշտութիւն մը գոյութիւն ունի եւ այս պատճառով սոյն յիշեցումը տեղին է։
Վերջին հաշուով, մանաւանդ հայերէնի հարցի առաջնահերթութեամբ՝ մեր մշակոյթի գոյատեւումը մեծ չափով մեր դպրոցներէն կախեալ է։ Բոլոր զարգացած երկիրներու մէջ կիրարկուած մեթոտներուն նման՝ մեր ներկայ ուսուցիչները հետզհետէ պէտք է զարգացնեն իրենց մասնագիտական կարողութիւնները եւ հմտութիւնները, անոնց համար առիթներու եւ միջոցներու ստեղծումը մեծ կարեւորութիւն ունի:
Ի լրումն այս բոլորին, անհրաժեշտ է ուսուցչական ասպարէզը նիւթական եւ բարոյական առումով աւելի գրաւիչ դարձնել եւ ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը համայնքի բոլոր խաւերու մասնակցութեամբ յառաջ տանիլ:
Հուսկ, 2026-ի տարեմուտին պոլսահայ կրթական համակարգի առաջնահերթութիւնները եւ խնդիրները կը մնան անփոփոխ՝ հայերէնի ուսուցման առումով։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ