ԱՅԴ ՁԻՒՆԵԳՈՒՆԴԸ…

Ո՞վ չ՚ուզեր ունենալ հաճելի ապակեայ ձիւնեգունդ մը։ Անոնց գրեթէ բոլորն ալ ուրախ, հաճելի աշխարհներ կը պարզեն մեր աչքերուն առջեւ։ Եթէ իսկապէս ունեցած՝ առած ու բռնած ես ափերուդ մէջ… Այդ մէկը մե՜ծ հաճոյք է։ Կարծես կը տիրանաս անոր մէջի կախարդական աշխարհին։ Կ՚առնէ կը տանի քեզ մինչե՜ւ քու ուզած տեղը։ Կարգ մը գունդերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք կը նոյնացնենք մեզմով, կամ կան սէրեր, որոնք կ՚ուզենք նոյնացնել մեր սրտի խորքինով։ 

Ձեռքս կար հաճելի ապակեայ ձիւնեգունդ մը։ Անով կը քալէի ճամբաները։ Կը դիտէի անոր մէջի աշխարհը մեծ հիացումով։ Հոն կային մարդիկ, որոնք ուրախ էին հոն ու կը ձիւնէր եւ կար անծայրածիր խաղաղութիւն։ Նախ չէի ուզեր բաժնուիլ անկէ, սակայն, վերջերը քանի-քանի անգամներ ուզեցի ձգել զայն անկիւն մը։ Փորձեցի եզերք մը դնել։ Դրի ու հեռանալ սկսայ, չեղաւ։ Ետ դարձայ ու առի, սեղմեցի կուրծքիս վրայ։ Բարկացայ ինքզինքիս, թէ ինչպէ՞ս կրնայի հրաժարիլ իրմէ։ Վազեցի փողոց առ փողոց։ Չգիտցայ ո՞ւր երթամ, ի՞նչ ընեմ, յետոյ շարունակեցի ճամբաս։ Յետոյ նորէն պահ մը մտատանջ ու փոթորկոտ հոգիով ուզեցի ազատուիլ անկէ։ Իսկ հիմա կրկին ձեռքս բռնած կը քալեմ։

Ձիւնեգունդը մանկութենէս ի վեր ուզած բանս էր։ Իսկ հիմա ի՞նչ եղած էր, որ այսպէս երկմտութեան մատնուած էի…

Վերջերս շատ կը մտածեմ ձիւնեգունդի մասին։ Պատճառը այն է, որ ես կ՚ուզեմ տեսնել այն ինչ, որ աւանդուած է մեզի նախապէս։ Ձիւնեգունդ մը՝ բարի մարդոցմով լեցուն, բարի նպատակներով շրջապատուած եւ ձիւնեգունդ մը, որ ըլլայ աննման։ Հոն ըլլան երեխաներ, երիտասարդներ, հասուններ կամ տարեցներ, որոնք զիրար համբերութեամբ լսել գիտնան։ Մարդիկ յարգեն ու յարգուին, սիրեն ու սիրուին։ Ո՛չ մէկը միւսը քննադատէ վիրաւորիչ կերպով, այլ քննադատէ՝ առանց սիրտը կոտրելու կամ նոր բան մը սորվեցնելու նպատակաւ։ Ըլլայ այդ ձիւնեգունդը, որ մարդիկ իրարու օգնեն՝ առանց միւսէն շահու մը սպասելու։ Շահագործելու ջանացողներուն ուղիղ ճամբան ցոյց տուողները ըլլան միւսներէն միլիոնաւոր անգամներ աւելի շատ։ Կանաչ աշխարհ մը պարզէ մեր աչքերուն առջեւ եւ երբեմն ձիւնոտ, երբեմն արեւոտ, բայց միշտ պայծառ։ Արեւը անպակաս ընէ շողերը այդ աշխարհէն։ Դաշտերը ըլլան միշտ բերրի ու մշակներուն երեսները խնդան անկեղծ։ Պտղաբեր արտերով զբաղին անոնք։ Խաղաղութիւն ըլլայ ու մարդիկ իրարու միջեւ չփնտռեն արդարութիւնը։ Երեխաները վազելով երթան իրենց դպրոցները. խանդավառ, սորվելու բուռն տենչով, կրակոտ աչքերով… Զանգակները հնչեն այսօրուան պէս բարձրաձայն եւ ամէն անգամուն յառաջադէմ տղոց աչքերուն մէջ տեսնենք փայլքը գիտութեան հասնելու։ Երիտասարդները ապրին իրենց զգացումները անկեղծ՝ ո՛չ թէ մեր անոնց պարտադրածին նման։ Անոնց ուսերուն վրայ չզգայ՝ մեր կողմէ անոնց համար որոշած կեանքը այլ ապրին ազատ ու համարձակ։ Չունենան կասկած մը իրենց դիմացինէն, այլ մտածեն իրենց ուզած ապագան։ Զարեհ Խրախունիի «Երգ Կաղանդի» բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերը ուղեցոյց թո՛ղ ըլլան մեր բոլորին։ Ձիւնեգնդիկին երազային աշխարհը ըլլայ այս տողերուն նման։

Մեծ ու պզտիկ մանչ ու աղջիկ-ամէն մարդ
գուցէ նոյնիսկ վեց միլիառ
Հոգին լեցուած աչքերն յորդած ուրախութեան ծո վերով

Եթէ վազէ՜ թեւաբաց
Ողջագուրէ ո՛վ որ ելլէ իր դիմաց
Զայն համբուրէ սիրարբած- տօնէ՜ այդ օրն անմոռաց
Ու կանչէ
Ազատութիւն խաղաղութիւն ուրախութիւն եղբայրներ…

Օ՜ այն ատեն-իրաւ որ
Կաղանդ կ՚ըլլայ ամէն մարդու ամէն օր:

Բոլորին ըլլայ Կաղանդ մը՝ իր սրտի խորքերէն, ըստ իր փափաքներուն, բարի ու բարեբեր։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025