ԶԻՒՊԷՅԻՐ ԿԻՒԼԱՊԻ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց «Լիպերալ» կուսակցութեան նախագահ Զիւպէյիր Կիւլապին եւ խումբ մը գործակիցները: Զրոյցի ընթացքին հիւր կուսակցապետը յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է տեղեկութիւններ քաղել թրքահայութեան օրակարգի խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հեռանկարներուն շուրջ համայնքի ակնկալութիւններուն մասին: 

Ամեն. Ս. Պատրիարքը Հայրը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերուն այցելութիւնը եւ անոնց նկատառման յայտնեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգի զանազան երեսակներուն շուրջ:

Զրոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026