ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ԿԱՄԱՒՈՐ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները: Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է սոյն վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ Հորոզօղլու ամոլը Պատրիարքարան փութացած էր՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին Հորոզօղլուներէն թարմ տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի գործունէութեան եւ կարիքներուն մասին: 

Ինչպէս ծանօթ է, «Հրանդ Տինքի» դպրոցի երդիքին տակ ուսում կը ստանան՝ Հայաստանէն արտագաղթելով Պոլիս հաստատուած ընտանիքներուն զաւակները: Այս վարժարանը պաշտօնական կարգավիճակ մը չունի, սակայն, հաշուի առնելով անոր առանձնայատկութիւնը եւ առաքելութեան անփոխարինելի նշանակութիւնը՝ պատկան մարմինները կը հանդուրժեն գործունէնութեան:

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ մեր համայնքի տեսակէտէ կարեւոր կարիք մը դիմագրաւելով: Հուսկ, ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուներու կրթանուէր գործունէութեան կապակցութեամբ: Զրոյցի ընթացքին ան տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց շաբաթավերջի նուիրահաւաքին համար:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026