ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԻ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը İtimat Bürosu-ի հարցի առկայ անորոշութեան մասին ըսաւ հետեւեալը. «Պատրիարքարանը յարմար չդատեց հետաքննել İtimat Bürosu-ի հարցը, որովհետեւ իրեն վերաբերեալ ծալքեր կային եւ իր կողմէ քննութիւն մը հաւաստի պիտի չըլլար։ Ուստի, խնդրեցինք, որ ERVAB-ի կողմէ ձեռք առնուի հարցը։ Անոնք ալ երկրի ամենայաւակնոտ հաշուեքննիչներէն մէկուն հետ աշխատանքի դրուեցան։ Համապատասխան տեղեկագիրը մօտաւոր ապագային պիտի հրապարակուի՝ մամլոյ ասուլիսով մը։ Հաշուեքննիչը ինձ արդէն տեղեկացուցած է, որ գայթակղութեան վերածուելիք խնդիրներ չկան։ Հաշիւներու տարբերութիւնը եղած են հազարէն չորս կամ վեց, ինչ որ մարդկային գործօնի տեսակէտէ հասկնալի է։ Այսինքն, İtimat Bürosu-ի գործունէութիւնը արդարացուած է եւ հիմա համայնքային վարիչներուն կը մնայ նոր համակարգով մը զայն փոխարինելու խնդրին լուծումը»: