ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆՆԵՐՈՒ ԵՂԱՆԱԿԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
Համայնքային շրջանակները արդէն լծուած են 2025-2026 շրջանի՝ վարժարաններու պիւտճէի հաւասարակշռման աշխատանքներուն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակին եւս առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան զուգահեռ՝ նախատեսուած է թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ ընտանիքը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակներէ դէմքեր։ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սարքուած ընթրիքը բնորոշեց նախապատրաստական աշխատանքներու պաշտօնական մեկնարկը։
Սեղանը օրհնեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով՝ բացատրութիւններ տալով վարժարանի գործունէութեան, նաեւ ծով կարիքներուն շուրջ։ Արդարեւ, պիւտճէի բացը աստղաբաշխային համեմատութիւններու հասած է՝ գերազանցելով 35 միլիոն թրքական լիրայի սահմանը։ Բոլոր անոնք, որոնք ելոյթ ունեցան, ընդգծեցին վճռակամ աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնն ու պատրաստակամութիւնը։
Այս տարի սիրոյ սեղանի կազմակերպման համար առանձին յանձնախումբ մը չէ կազմուած եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սեփական ուժերով պիտի իրականացնէ այդ աշխատանքը՝ թաղի յարակից մարմիններու զօրակցութեամբ։
Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։