ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԸ
Երէկ, Քուլէտիպիի Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիոյ հրէից նոր րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւիի պաշտօնամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Րաբունապետի պաշտօնամուտին առթիւ առաջին հերթին սինակոկի յարակից դահլիճին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու աւարտին սկսաւ կրօնական արարողութիւնը։ Նորընտիր րաբունապետը տաճար առաջնորդուեցաւ՝ ամպհովանիով, թափօրով եւ շեփորներու նուագներով։ Այս փուլին շուրջ քսան խախամներ զանազան աղօթքներ արտասանեցին։ Հրեայ համայնքէն մանկանց երգչախումբ մըն ալ երգեցողութիւններով հանդէս եկաւ՝ իսկապէս խանդավառելով մթնոլորտը։ Ռաւ Տաւիտ Սեւիին հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ՝ տասնաբանեայ պատուիրաններու ոսկեայ մանեակը։ Ան այդ խորհրդանշանը վզին անցընելէ վերջ հանդէս եկաւ առաջին ելոյթով։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի համանախագահ Իսհաք Իպրահիմզատեհ։
Արարողութեան հրաւիրուած էին քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները, որոնց շարքին էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Ասորի ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտը, Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Ասորի կաթոլիկներու վիճակաւոր Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսը եւ այլն։
Հրաւիրեալներու շարքին էին բարձրաստիճան դիւանակալներ, ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէ աշխարհական վարիչներ, մտաւորականներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ, հրեայ համայնքէն յառաջատար դէմքեր եւ հիւրեր։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նոր խախամապետին յղեցին շնորհաւորութիւն, արեւշատութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էր գաւազանակիրը՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։