Հինգշաբթի 5, Փետրուար 2026
ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները մասնակցեցան միջվարժարանային մտախաղերու մրցոյթի մը, որու արդիւնքին արձանագրեցին անանտեսելի յաջողութիւն։ Այսպէս, «TED Atakent» քոլէճի երդիքին տակ կազմակերպուած մտախաղերուն Պէզճեան Մայր վարժարանի խումբին մաս կազմեցին՝ Մաթայ Պարան, Մաքսիմ Իրիս եւ Ալեքսան Տեւլեթօղլու։ Այս աշակերտներու շարքին Մաթայ Պարան ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ անհատական հարթութեան վրայ։ Պէզճեան Մայր վարժարանի տղաքը վերահսկեց դպրոցի ուսուցչական կազմէն Ֆիլիփ Ելեկէն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 5, 2026