ՀՐԱՉ ՔԵՉԻԵՈԼՈՒ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հրաչ Քեչիեոլուն, որ իր գործակից ընկերներուն հետ թեկնածութիւն առաջադրած է՝ ստանձնելու համար Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ղեկը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամսավերջին նախատեսուած է Թաքսիմի հերթական համագումարը, որու համար երկու խումբեր թեկնածութիւն առաջադրած են։ Անոնցմէ մին է Հրաչ Քեչիեոլուի խումբը, իսկ միւսը՝ Ալէն Պաղի կողմէ գլխաւորուած խումբը։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին Հրաչ Քեչիեոլու մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց ակումբի վերաբերեալ իր ծրագիրներուն եւ տեսլականին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ մարտի 12-ին, Ֆէրիգիւղի մէջ կը նախատեսեն կազմակերպել ծանօթացման հաւաքոյթ մը, որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի համայնքային շրջանակներուն ներկայացնեն ակումբի ապագային վերաբերեալ իրենց մտադրութիւնները։
Միւս կողմէ, Հրաչ Քեչիեոլու եւ ընկերները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանին, համագումարի ընդառաջ ստանալու համար իր օրհնութիւնը։