ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։

Խնամակալները Գումգաբու այցելեցին՝ դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին վարժարանի դիմագրաւած առկայ դժուարութիւնները, նաեւ կարիքները։ Այդ տեղեկութիւններու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ խորհուրդներ։ Ան յայտնեց, որ դժուարին օրերէ դուրս գալու հիմնական ճանապարհն է միասնականութեան ուղիէն չշեղիլը։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը փոխանցեց խնամակալներուն՝ յաջողութիւն մաղթելով մօտալուտ սիրոյ սեղանին համար։

Միւս կողմէ, Գալֆաեանի մէջ բացուեցաւ համակարգիչի նոր դասարան մը։ Այս նախագծին սատարած է «Լիոնս» ակումբը։ Նոր բաժանմունքը ունի տասն համակարգիչ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025