ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ՏՕՆԱԾԱՌ

Տարուան վերջին ամիսը արդէն իր հետ բերած է Ամանորի ոգեւորութիւնը։ Թէեւ տակաւին բաւական երկար ժամանակ մը կայ մինչեւ Կաղանդ, սակայն, համայնքէն ներս բարձր տրամադրութիւնը գետի նման վարարիլ սկսած է։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պատրիարքարանի տօնածառն ալ արդէն զարթարուած է։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անձնակազմին հետ մէկտեղուեցաւ տօնածառին շուրջ՝ ուրախութիւն յայտնելով աւանդութեան տեւականացման ուղղութեամբ։

Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025