ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը, որու ընթացքին բացառիկ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որու ժամանակ տղաքը իրարու հետ ունեցան հաճելի ժամանց։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի օրհնութիւնները ստացան մանկապատանեկան կազմի անդամները, որոնք մօտաւոր անցեալին յաջող համերգով մը հանդէս եկած էին։ Հայր սուրբը յիշեցուց այդ համերգին ժամանակ արձանագրուած յաջողութիւնը՝ դիտել տալով, որ այդ ուղղութեամբ պէտք է ըլլայ յարատեւութիւն։

Արման Քէօսէի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի վարիչը՝ Հրանդ Չիզմէճեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025