ԴԷՊԻ ՎԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ այս տարի եւս ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպուի՝ դէպի Վան։ Հերթական ուխտագնացութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արդէն մեկնած է Վան, ուր Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ երբեմնի եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ վաղը մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Ինչպէս ծանօթ է, պատմական եկեղեցին վերանորոգուած է, այժմ կ՚օգտագործուի՝ որպէս թանգարան եւ տարին անգամ մը բացառապէս Ս. Պատարագ կը մատուցուի այնտեղ՝ պատկան իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ։
Համայնքային շրջանակներէն ներս այս տարի եւս հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է դէպի Վան ուխտագնացութիւնը, որու շրջանակներէն ներս բազմաթիւ ուխտաւորներ ուղեւորուած են Աղթամար։ Միեւնոյն ժամանակ, արտասահմանէն ուխտաւորներ ալ կը մասնակցին վաղուան արարողութիւններուն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին վերադարձած պիտի ըլլայ իր Աթոռը։