ԱՄԱՆՈՐԸ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի ընտանիքը այս տարի եւս Պէզճեան Մայր վարժարանի Ամանորի հանդէսով ապրեցաւ մեծ ցնծութիւն։ Տարեմուտի ձեռնարկը իսկապէս կախարդական էր բոլորի տեսակէտէ։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու, տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր, այլ պատասխանատուներ, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։

Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Իր կարգին, տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիրն ալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ գնահատելով փոքրիկներն ու իրենց ուսուցիչները եւ բարեմաղթութիւններ յղելով Նոր տարուայ առթիւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026