Հինգշաբթի 8, Յունուար 2026
ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի ընտանիքի Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ոգեւորութիւնը բիւրեղացաւ Տատեան վարժարանի հանդէսներով։ Տարեմուտի առթիւ տղաքը զանազան յայտագրեր գործադրեցին դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։ Իւրաքանչիւր փուլին տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը շնորհաւորեց աշակերտները եւ այն կրթական մշակները, որոնք վերահսկած էին հանդէսներու պատրաստութիւնը։ Տատեան վարժարանէն ներս ստեղծուած աւանդական ոգեւորութեան մթնոլորտին մէջ փոխանակուեցան բարեմաղթանքներ՝ անկեղծ ողջագուրումներով հանդերձ։
Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026