Հինգշաբթի 8, Մայիս 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին կողմէ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ երաժշտական փառատօն մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած ծրագիրը այս անգամ ձօնուած էր ֆրանսահայ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Ծանօթ է, որ անցեալ տարի նշուեցաւ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը։
Արամեան սանուց միութեան սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ դպրոցի փառատօնը, որու յայտագիրը պատրաստուած էր ուսուցչական կազմէն Հրանդ Չիզմէճեանի, Աննա Սարը Սեչքինի եւ Թամար Մանկասարի կողմէ։ Տղաքը Շարլ Ազնաւուրի երգերը երգեցին, նաեւ հանդէսի տեւողութեան անոր կեանքին ու գործունէութեան զանազան երեսակներուն հաղորդ դարձան։ Հուսկ, վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։
Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025