ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին տասներորդ դասարանի աշակերտներէն Ինեսսա Եըլմազ, Հենա Տեմիրճի, Միքայէլ Յովհաննէսեան եւ Արի Սիվազլը, որ աւարտած է վարժարանը ու կը յաճախէ համալսարան, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհիներ Ժպտուն Զուռնաճը եւ Լիանա Պենլի։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ տուին դպրոցէն ներս պատրաստուած թատերական ծրագրի մը մասին։ Այսպէս, «Եւ այլն» թատերախումբին կողմէ վերջերս կազմակերպուած ներկայացումներու ներշնչումով պատրաստուած է այս ծրագիրը։ Եղիա Աքկիւնի կողմէ հեղինակուած բեմագրութիւնը ճոխացուած է աշակերտներու յուշերով եւ հայերէնի թարգմանուած՝ Ժպտուն Զուռնաճըի կողմէ։ Առաւել չափով արհեստական բանականութեան վերաբերեալ «Մի՛ յիշեր» խորագրուած այս թատերական ծրագիրը յառաջիկայ շրջանին կեանքի պիտի կոչուի հինգ ելոյթներով։ Մինչ այդ, հիւրերը տեղեկացուցին, որ «Եւ այլն»ի կազմին մէջ ալ ընդգրկուած են Սահակեան-Նունեան վարժարանի երկու շրջանաւարտներ։

Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025