ՄԱՀ՝ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։ Այս կորուստը լայն արձագանգ ստեղծած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր ան կը գտնուէր «Մարմարա» օրաթերթի գլուխը։
Ռոպէր Հատտէճեան ծնած էր 1926 թուականին։ Աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանը, իսկ աւելի վերջ յաճախած էր Իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան ֆաքիւլթէի փիլիսոփայութեան բաժինը։ Երիտասարդ տարիքէ ներգրաւուած էր գրական ասպարէզին՝ մանաւանդ, որ Մխիթարեան սանուց միութեան երբեմնի «Սան» ամսագրի խմբագրակազմէն ներս ստանձնած էր ուշագրաւ դերակատարութիւն։ Գործարար կեանքէ ներս զբաղումը թողելով՝ աւելի քան յիսուն տարի առաջ անցած էր «Մարմարա» օրաթերթի գլուխը։ Մամուլի ասպարէզ անցնելէ վերջ, գրական իր աշխատանքին թափ տուած էր։ Ռոպէր Հատտէճեան բազմատասնեակ գիրքեր հեղինակած էր եւ կը համարուէր պոլսահայ արդի գրականութեան տիրական դէմքերէն մին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ պարգեւներու արժանացած էր։
Ռոպէր Հատտէճեան ամուսնացած էր Սիւզան Հատտէճեանի հետ։ Ռոպէր եւ Սիւզան Հատտէճեանները բախտաւորուած էին երկու որդիներով։ Երկուքն ալ մինչեւ խոր ծերութիւն իրենց կեանքը շարունակած էին միասնաբար, ներդաշնակութեամբ։ Մօտաւոր անցեալին Ռոպէր Հատտէճեան կորսնցուցած էր իր կողակիցը՝ Սիւզան Հատտէճեանը, ինչ որ զգացան լուրջ ցնցում եղած էր իրեն համար։ Այժմ, մօտաւորապէս 100 տարեկան հասակին ան եւս կը մեկնի միանալ իր սիրեցեալ կողակցին՝ իր ետին թողլով վիթխարի վաստակ մը։
Ռոպէր Հատտէճեանի հրաժեշտին համար Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ նախատեսուած է ազգային յուղարկաւորութեան կարգ, որու վերաբերեալ պաշտօնական ազդը այսօր հրատարակուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։
Այս տխուր առթիւ ցաւակցութիւններ կը յայտնենք համայն Հատտէճեան ընտանիքին եւ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրակազմին։