ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ հայ մամլոյ վաստակաշատ խմբագիրներէն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանակիր, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշաններով մեծարեալ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Ոսկեայ շքանշանակիր, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Ա. կարգի շքանշանակիր, Հայաստանի Գրողներու միութեան Ոսկեայ շքանշանակիր՝ 

ՏԻԱՐ
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

6 սեպտեմբեր 2025, շաբաթ, ժամը 08.30-ին իր հոգին աւանդած է Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Նկատի ունենալով հանգուցեալի երախտաշատ վաստակը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, կազմակերպուած է Ազգային Յուղարկաւորութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 10 սեպտեմբեր 2025, չորեքշաբթի, ժամը 13.00-ին։

Կը հրաւիրուին Աթոռոյս բովանդակ հոգեւորական դասը, համայնքային եւ թաղային մարմինները, դպրաց դասերը եւ մերազն ժողովուրդը մատուցանելու յարգանքի իրենց վերջին տուրքը հայ մամլոյ եւ հայ գրականութեան վաստակաշատ սպասաւորին, որուն բազմահատոր հեղինակութիւնները պատուով կ՚արձանագրուին պոլսահայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութեանց մէջ։

«Որ թագաւորդ ես յաւիտենից Քրիստոս Աստուած մեր. ընկալ զհոգի ծառայիս քո այսորիկ, արա արժանի ողորմութեան, քաւութեան եւ թողութեան մեղաց. հանգո ընդ արդարս քո եւ ի խորանս սիրողաց քոց բնակեցո զսա։ Եւ մեզ մեղաւորացս շնորհեա զքաւութիւն եւ զթողութիւն յանցանաց. Ամէն»

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

7 սեպտեմբեր 2025

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025