ՀՈ­ԳԵ­ՀԱՆԳՍ­ՏԵԱՆ ՊԱՇ­ՏՕ­ՆՈՎ Ո­ԳԵ­ԿՈ­ՉՈՒՄ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին ոգեկոչուեցան՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի բարեյիշատակ հիմնադիրները, սատարողները, սպասաւորները եւ առհասարակ հանգուցեալ կրթական մշակները։ Թէեւ ամէն տարի Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը չի թերանար երախտագիտութեան մէջ, սակայն, այս տարուանը ընթացիկէ անդին նշանակութիւն ունէր՝ քանի զուգադիպեցաւ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելենական շրջանին։

Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ գործակից ընկերները։ Բոլորը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ ոգեկոչեալներու յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2025